2014-10-11 08:39:33

Եւրոպական Միութիւնը խստօրէն քննադատած է Թուրքիան` արդարադատութեան եւ մամուլի ազատութեան մարզերուն մէջ տիրող վիճակին համար։


Թրքական «Թուտէյզ Զաման» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութիւնը իր հրապարակած զարգացման մասին տարեկան զեկուցումին մէջ խստօրէն քննադատած է Թուրքիան` արդարադատութեան եւ մամուլի ազատութեան մարզերուն մէջ տիրող վիճակին համար:
Անդրադարձ կատարելով դեկտեմբեր 2013-ին Թուրքիան ցնցած «Մեծ կաշառք» գործողութեան եւ ատկէ ետք սկսած դատական հոլովոյթներուն` զեկուցումին մէջ նշուած է, որ ոստիկանները, դատաւորները եւ դատախազները գործէ արձակելու վերաբերեալ որոշումները մեծապէս ազդեցին համապատասխան մարմիններու պատշաճ գործունէութեան վրայ:
Զեկուցումին մէջ կը խօսուի այն մասին, որ «Եւրոպական Միութեան ռազմավարական գործընկեր» եղող Թուրքիոյ պետութեան մէջ լուրջ խնդիրներ կան լրատուական դաշտի ազատութեան հետ կապուած:
Կ՛ընդգծուի այն փաստը, որ զանգուածային լրատուամիջոցներուն նկատմամբ կիրարկուող ճնշումները լուրջ գրաքննութեան պատճառ կը դառնան, ինչ որ կը խոչընդոտէ մամուլի ազատութիւնը:
Այս առումով յիշատակուած է կառավարութեան կողմէ «Թուիթըր»-ն ու «Եու Թիուպ»-ը օգտագործելու արգելքի սահմանումը, որ հետագային վերցուեցաւ:
Եւրոպական Միութիւնը նշած է, որ կառոյցի հետ Թուրքիոյ բանակցութիւնները առաւել արդիւնաւէտ պիտի ըլլան, եթէ Անգարան կատարէ իր պարտաւորութիւնները:








All the contents on this site are copyrighted ©.